2013-09-26 12:23:57

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին Ընթացքին Խօսք Առնելով`. «Մեր Հիւլէական Ծրագիրը Խաղաղ Նպատակներու Համար Է» Ըսաւ Ռուհանի


Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 68-րդ նստաշրջանին բացման ընթացքին խօսք առնելով յայտնեց, որ իր երկիրը աշխարհի մէջ ապահովութեան որեւէ սպառնալիք չի ներկայացներ, այլ աշխարհի մէջ ապահովութիւնը կը ներկայացնէ եւ միայն միջազգային արդարութեան ու խաղաղութեան կը ձգտի: «Իրանի մէջ գոյութիւն ունի չափաւորականութեան բնորդ մը, որ վերջին ընտրութիւններուն եւ իշխանութեան հանդարտ կերպով փոխանցման ճամբով ի յայտ եկաւ»:
Ան ըսաւ, որ Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները մարդկային հիմնարար սկզբունքներուն կը հակասեն` նշելով, որ «մենք պատրաստ ենք առանց արտաքին ճնշումի մեր հիւլէական ծրագիրին խաղաղ բնոյթը փաստելու եւ աշխատանք պիտի տանինք այդ ծրագիրին նկատմամբ որեւէ մտավախութիւն փարատելու»:
«Մենք Ամերիկայի հետ մեր տարակարծութեան լուծման ծիրի մը կրնանք հասնիլ, եթէ ան ճնշում բանեցնելէ դադրի», ըսաւ Իրանի նախագահը: Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց փոխադարձ վստահութեան գոյացման համար գործակցելու:
«Զանգուածային քանդումի զէնքերը, ներառեալ` հիւլէականը, մեր բառարանին մէջ գոյութիւն չունին», նշեց Ռուհանի:
Ան ըսաւ, որ «կ՛ուզենք աշխատանք տանիլ Սուրիոյ եւ Պահրէյնի մէջ խաղաղութեան հաստատման համար, իսկ բռնարարքները տագնապները չեն լուծեր»:








All the contents on this site are copyrighted ©.